Հալէպի Հայց. Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։
Եկեղեցին, որ մեծ վնասներ կրած էր Հալէպը հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով շուտով պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալներու առջեւ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է։
Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ “SALT” բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ներկայութեամբ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամներուն եւ երկրաշարժի Արտակարգ Իրավիճակի Մարմինի անդամ Յարութ Հայրապետեանի:
Բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչները մօտէն ծանօթացան աղէտալի երկրաշարժին պատճառով եկեղեցւոյ կառոյցին կրած վնասներուն։ Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային կատարուելիք նորոգութեան հանգրուաններուն եւ գործելակերպին մասին:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մաղթեց, որ Ամենակալին օրհնութեամբ նորոգութեան աշխատանքները հեզասահ ընթացք ունենան։