Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Շաբաթ, 25 Յունիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտութեան հանդէսը, որուն աւարտին թուով 50 աշակերտներ մկրտուեցան «75 ամեակի հունձք»-ի անունով ու ոսկեայ տառերով փայլուն էջ մը ևս աւելցուցին Ճեմարանի յուշամատեանին մէջ։
75 տարիներ շարունակ Ճեմարանը դարձաւ այն ձուլարանը, ուր թրծուեցան հայկականութեամբ օծուն սերունդներ և որպէս հայապահպանման դեսպաններ ցրուեցան ի Սփիւռս աշխարհի ծառայելու զանազան գաղութներէ ներս։
Փա՜ռք Ճեմարանին ու անոր պատմութիւնը կերտած հիմնադիրներուն և հին ու նոր բոլոր բոլո՜ր սերունդներուն։
