image

Հակառակ իսրայէլեան բռնաճնշումներուն 250 հազար պաղեստինցիներ յիշատակեցին «ճակատագրի գիշեր»ը

Հակառակ իսրայէլեան բռնաճնշումներուն   250  հազար պաղեստինցիներ յիշատակեցին «ճակատագրի գիշեր»ը

Յատկանշական է, որ իսրայէլեան ուժերը կը սահմանափակեն պաղեստինցիներուն մուտքը` թոյլատրելով 60 տարեկանէն բարձր տղամարդոց եւ բոլոր տարիքի կանանց մուտքը, սակայն արգիլելով 40 տարեկանէն ցած տղամարդոց մուտքը եւ մուտքի յատուկ թոյլտուութիւններ կը սահմանէ 40-50 տարեկաններուն համար:

Մօտ քառորդ միլիոն հաւատացեալներ կը նշեն Ռամատանի 27-րդ գիշերը («Զօրութեան գիշեր») Աքսա մզկիթին մէջ:

 

Բռնագրաւեալ Երուսաղէմ քաղաքը ականատես կ'ըլլայ պաղեստինցիներու մարդկային երթին Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ՝ փորձելով հասնիլ Աքսա մզկիթ` ոգեկոչելու Ռամատան ամսուայ 27-րդ գիշերը:

 

Հարիւրաւոր պաղեստինցիներով բեռնուած աւելի քան 150 փոխադրակառքեր մեկնեցան Նազարէթէն, Թամրայէն, Ում ալ Ֆահմէն, Նաքապէն եւ գրաւուած այլ քաղաքներչ: Հազարաւոր քաղաքացիներ նոյնպէս հաւաքուած են Երուսաղէմէն հիւսիս գտնուող Քալանտիա անցակէտ` փորձելով հասնել Աքսա:

 

Քաղաքացիներուն նկատմամբ իսրայէլեան ուժերու կիրառած միջոցառումներն ու սահմանափակումները մեծ ճգնաժամ յառաջացուցած են անցակէտին վրայ, եւ Բեթղեհէմի անցակէտը ականատես եղած է իսրայէլեան ուժերու միտումնաւոր խստացման, ինչ որ թոյլ չէ տուած մեծ թուով քաղաքացիներ մուտք գործեն Երուսաղէմ:

 

Յատկանշական է, որ իսրայէլեան ուժերը կը սահմանափակեն պաղեստինցիներուն մուտքը` թոյլատրելով 60 տարեկանէն բարձր տղամարդոց եւ բոլոր տարիքի կանանց մուտքը, սակայն արգիլելով 40 տարեկանէն ցած տղամարդոց մուտքը եւ մուտքի յատուկ թոյլտուութիւններ կը սահմանէ 40-50 տարեկաններուն համար:

Այսօր հաւատացեալները վանկարկած են` «հոգիով եւ արիւնով մենք կը փրկենք քեզ, Աքսա»:

Համադրուած լուրը՝ «Արեւելք»ի