Յունիս 18-ին, ժամը 11։52-ին Տաւուշի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Հաղարծին գիւղէն Դիմաց լեռ տանող ճանապարհին տեղի ունեցած է ճանապարհային պատահար․ կան տուժածներ։ Յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած է Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով վթարի հետեւանքով 2 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած են, 1 հոգի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է «Դիլիջան» բժշկական կեդրոն։
Կայքի տեղեկութիւններով՝ մեքենային մէջ եղած են 5 հոգի, սակայն 2-ը հրաժարած են բժշկական օգնութենէն՝ ըսելով, որ իրենք չեն տուժած։