Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամը եւ «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթի խմբագիրակազմի անդամը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանը եւ «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթի խմբագրակազմի անդամ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանը։
Սիրան Ամպարճեան անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի բազմաբնոյթ գործունէութեան, յատկապէս «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրին, որ Արցախի ընտանիքներուն բնակարան տրամադրող ծրագիր մըն է։
Սիւզի Խշուաճեան անդրադարձաւ «Հայ Սիրտ» պարբերաթերթի հրատարակութեան համար տարուող խմբագրական աշխատանքին։
Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի ծաւալած ազգանուէր գործունէութեան եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով, գնահատեց այցելուները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։