Խորհրդային Միութեան նախկին նախագահ Միխայիլ Գորբաչովը հիւանդանոց փոխադրուած է:
91-ամեայ Գորբաչովը շաքարախտի, երիկամներու հետ կապուած խնդիրներ ունի, անոր երիկամները կը լուացուին:
ԽՍՀՄ նախկին նախագահը շուրջ երեք տարիէ հիւանդանոցի մէջ կ'ապրի: Անոր կ'այցելեն հարազատներն ու ընկերները:
Աւելի վաղ Mash Telegram ալիքը յայտնած էր, որ ԽՍՀՄ նախկին նախագահը երիկամներու հետ կապուած խնդիրներ ունի: Mash-ի տուեալներով` անոր վիճակը պարբերաբար կը վատանայ: Նախկին նախագահի ստոյգ ախտորոշման մասին չեն յայտնած, սակայն ան շուրջ մէկ տարիէ բժիշկներիու հսկողութեան տակ է: