image

Գրիգոր եւ Զառա Դաւիթեաններու օճախէն բարի լուրեր. Լոյս աշխարհ եկած են Միքայէլն ու Յակոբը (Լուսանկար)

Գրիգոր եւ Զառա Դաւիթեաններու օճախէն բարի լուրեր. Լոյս աշխարհ եկած են Միքայէլն ու Յակոբը (Լուսանկար)

Փարիզի հայկական համայնքի յարգուած ամոլ՝ Գրիգոր եւ Զառա Դաւիթեաններու ընտանիքէն «Արեւելք» բարի լուրեր ստացաւ։

 Լոյս աշխարհ եկած են Դաւիթեաններու ընտանիքի զոյգերը՝ Միքայէլ Յակոբը եւ Մարին։

Նորածինները մեծ քոյրիկ մը ունին, որ կը կոչուի՝ Նորանի։

Մեր ընթերցողներուն յայտնենք, որ Գրիգոր Դաւիթեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանուց փայլուն ուսանողներէն էր եւ որպէս ընթացաւարտ սարկաւագ մասնակից եղած է ազգային եկեղեցական կեանքին ի մասնաւորի՝ Յունաստանի մէջ։

Ան շրջան մըն ալ վարած է Աթէնք հրապարակուող «Ազատ օր»ի փոխխմբագրի պաշտօնը։

Պայմաններու բերումով Գրիգոր փոխադրուած է Ֆրանսա ու մասնակից եղած տեղւոյն ազգային կեանքին՝ դառնալով ատենադպիրն ու քարտուղարը Ֆրանսայի Ազգային Առաջնորդարանին ու կարեւոր գործունէութիւն ծաւալելով Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեանի հովանաւորութեան ներքոյ։

Աւելի ուշ Գրիգոր ընտանիք կը կազմէ՝ ամուսնանալով Զառա Արզումանեանին հետ՝  դառնալով ծնողներ երեք զաւակներու։

Ամենատարբեր հանգամանքներու մէջ, ամենատարբեր ափերու վրայ հայ ոգիով օժտուած իւրաքանչիւր ընտանիքի ծաղկումը ուրախութիւն է մեզի համար ու այդ դրական լիցքն է, որ կը փորձենք հաղորդել բոլորին։