Թելեկրամեան ալիքներու միջոցաւ տարածուած է տեսանիւթ, ուր անյայտ անձիք կը կրակեն Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նստավայրի ուղղութեամբ։
Աւելի ուշ, Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ 28 օգոստոսին, ժամը 03:05-ին, Ստեփանակերտ քաղաքի Փետրուարի 20 փողոցին մէջ՝ Արցախի հանրապետութեան նախագահի նստավայրի ուղղութեամբ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է:
Ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ, Մարտունի փողոցէն նշուած յանցագործութիւնը կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկուած է անսթափ վիճակի մէջ գտնուող 2 քաղաքացի՝ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչներ Տ.Հ.-ն (1983թ. ծնունդ) եւ Ա. Ա.-ն (1981թ. ծնունդ):
Ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են, որ գիշերը ժամը 03:00-ի սահմաններուն, նախնական համաձայնութեամբ եւ ոգելից խմիչքներու ազդեցութեամբ՝ վերջիններս ներկայացած են նախագահի նստավայր եւ կրակոցներ արձակած շէնքի եւ տարածքին մէջ ծառայութիւն իրականացնող անվտանգութեան աշխատակիցներու ուղղութեամբ:
Նախապատրաստուած նիւթերը ուղարկուած են քննչական կոմիտէ։ Փաստի կապակցութեամբ յարուցուած է քրէական գործ։