Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւը օրէնք ստորագրած է Հայաստանի հետ միջկառավարական համաձայնագրի վաւերացման մասին: Այն կը վերաբերի նաւթամթերքներու մատակարարման ոլորտին մէջ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան:
Հայաստանի հետ համաձայնագիրը ստորագրուած է 2020 թուականի Յուլիսին Նուր Սուլթանի մէջ: Այն կը սահմանէ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան պայմանները` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) արտաքին տնտեսական գործունէութեան ապրանքային անուանացանկի 27-րդ խումբին դասուած ապրանքներու մատակարարման համար, բացառութեամբ նաւթի, ելեկտրականութեան, բնական կազի եւ ածուխի:
Համաձայնագրով կը նախատեսուի ներքին սպառման համար Ղազախստանէն Հայաստան մատակարարուող ապրանքներու արտահանման մաքսատուրքերը չգանձել նախատեսուած ծաւալներով: Սահմանուած է ցուցակով չհաստատուած եւ հաշուեկշիռներով չնախատեսուած նշուած ապրանքներու մատակարարման արգելք:
Ղազախստանէն Հայաստան մատակարարուող նշուած ապրանքները ենթակայ չեն արտահանման երրորդ երկիրներ եւ ԵԱՏՄ այլ երկրներ: Այս պարտաւորութեան խախտման փաստերու բացայայտման պարագային ղազախական կողմը իրեն իրաւունք կը վերապահէ արգիլելու կամ կասեցնելու այդ ապրանքներուն անմաքս մատակարարումները: