Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումի կապակցութեամբ ցաւակցական հեռագիր յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն․
Հեռագրին մէջ ըսուած է.
«Ձեզի եւ ողջ հայ ժողովուրդին իմ անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքի կապակցութեամբ, որ յանգեցուցած է բազմաթիւ զոհերու:
Կը խնդրեմ որ իմ կարեկցանքի խօսքերը փոխանցէք զոհերու հարազատներուն եւ վիրաւորներուն»: