Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ:
ԱՄՆ պետական քարտուղարը նշած է, որ անցնող 30 տարուայ ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը զարգացուցած են ամուր գործընկերութիւն՝ հիմնուած մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական հիմնարկներու հանդէպ յարգանքի վրայ:
«Մենք կը գնահատենք Հայաստանի նուիրուածութիւնը ինչպէս այս ընդհանուր արժէքներուն, այնպէս ալ՝ միջազգային յանձնառութիւններուն, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման առումով», նշած է Պլինքըն:
Ան բարձր գնահատած է ամերիկահայերու ներդրումը ԱՄՆ-ի կենսապահովման հարցին մէջ՝ արձանագրելով, որ այդ մշակութային առնչութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ժողովուրդներու միջանձնային յարաբերութիւնները, կ'ամրապնդեն կապը երկու երկիրներու միջեւ:
«Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ՝ աջակցելու կողմերուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու մարդասիրական հետեւանքները վերացնելու, այդ շարքին նաեւ բոլոր գերիներու ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագրերու պարզման եւ աճիւններու ամբողջական ու արագ փոխանակման հարցով: Այս կարեւոր օրուան առթիւ մենք կը շնորհաւորենք Հայաստանը եւ կ'ակնկալենք ամրապնդել մեր երկկողմ սերտ յարաբերութիւնները», ըսուած է պետական քարտուղարին յայտարարութեան մէջ: