image

Գերշ. Տ. Մակար արք.ի այցը՝ Անթիլիաս

Գերշ. Տ. Մակար արք.ի այցը՝ Անթիլիաս

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Լիբանան գտնուած շրջանին, այցելութիւն տուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, զեկուցեցած՝ Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին։

Այցելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի Դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Լիբանան գտնուած շրջանին, այցելութիւն տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան, ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ զեկուցեց տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին։

Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ հայրապետական ցուցմունքներով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ Թեմի զաւակներուն։
Սրբազան Հայրը, որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, յատկապէս անցնող օրերուն սուրիահայ ընտանիքներուն իր կատարած նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար, եւ քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ մաղթեց Նորին Սրբութեան։