image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբազանի կարեւոր ճիգերը. Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ՝ եկեղեցի

Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբազանի կարեւոր ճիգերը. Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ՝ եկեղեցի

Մեծ ոգեղենութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան կը շարունակէ իր հովուական բարձր առաքելութիւնը։

Այս ծիրին մէջ եւ «Արեւելք»ին ուղարկուած յատուկ թղաթակցութենէն վերահասու դարձանք, որ Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ տեղի հայկական  համայնքի զաւակները կարելիութիւնը պիտի ունենան յաճախելու եկեղեցի եւ ստանալու Հայց. Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ օրհնութիւնները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ մեզի առաքուած լրատւութիւնը.-

2022 թուականի Յուլիս 21-էն 23-ը Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան հովուական այցով Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալագա քաղաքը այցելած էր: Այցի նպատակը Մալագայի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէքի» եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւններն էին: Արարողութենէն առաջ Սրբազան Հայրը, ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալիոյ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տէր Շնորհք աբղ. Սարգսեանին, հանդիպում ունեցաւ տեղի եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու առաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցերը: Ժողովէն ետք Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ ընթերակայութեամբ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդի` կատարուեցաւ եկեղեցւոյ «Դռնբացէքի» արարողութիւն եւ Սրբապատկերի օծման կարգ: Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նշեց, որ այս եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր հայերու տունը: Եւ բոլորս միասին հոգ պէտք է տանինք այս եկեղեցին կեանքով լեցնելու համար: Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր բարերարներուն, որոնք մտայղացած ու միասնականօրէն իրականութիւն դարձուցած էին Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ ի դէպ առաջին հայկական եկեղեցին է ողջ Սպանիոյ տարածքին: 

Յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններու, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ, ուր հնչեցին Կոմիտասի Պատարագէն հատուածներ եւ այլ կոմիտասեան ազգային երգեր: