Յունուար 22-23-ին, հովուական այցով Սպանիա ժամանեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերշ. Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Պարսելոնա քաղաքին մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ տեղի եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` մասնակցութեամբ Հոգշ․ Տ․ Շնորհք աբեղայ Սարգսեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Պարսելոնայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերակազմակերպման հարցեր:
Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Հայրը Տ․ Շնորհք Աբղ․ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Մատրիտ:
Յաջորդ օրը Մատրիտի մէջ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք․ Պարսամեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ էին Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան տիար Սօս Աւետիսեանն իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը:
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած մեր հերոս մարտիկներուն:
Իր այցի շրջանակներուն մէջ, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ միջեկեղեցական արարողութեան սպանական կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ` «Քրիստոնեաներու միասնութեան շաբաթ»-ի առիթով:
Այնուհետեւ Սրբազան Հոր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցական-համայնքային ժողով, որուն կը մասնակցէին Սպանիոյ տարբեր վայրերէ ժամանած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքների աջակից ներկայացուցիչներ:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեց Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի, Տ․ Շնորհք Սարգսեանի եւ փաստաբան Լեւոն Գրիգորեանի կողմէ կազմուած ծրագրի նախագիծ` Սպանիոյ Հայաստանեայց Եկեղեցին լաւագոյն կերպով վերակազմաւորելու եւ օրինական ու կանոնական դիրքերու վրայ արձանագրելու համար: Վերջնական նպատակն է ապագային հիմնել Սպանիոյ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ թեմ: Ժողովի մասնակիցներուն առիթ ընծայուեցաւ միտքեր փոխանակելու ներկայացուած ծրագրին շուրջ: Այնուհետ, շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ զրոյցը շարունակուեցաւ հիւրասիրութեան ժամանակ: