image

Գերշ. Տ. Աբգար եպս.ի հանդիպումը ՝ Թորոնթոյի Առաջնորդ Լէօ արք.ին հետ (Լուսանկար)

  Գերշ. Տ. Աբգար եպս.ի հանդիպումը ՝ Թորոնթոյի  Առաջնորդ Լէօ  արք.ին հետ (Լուսանկար)

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միջնադարեան հոգեւորական, փիլիսոփայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուելիք աղօթքի արարողութեան ֆոնին, Թորոնթոյի մէջ Գանատահայ Թեմի առաջնորդ  Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեա¬ն հանդիպած է Թորոնթոյի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ֆրանչիսկոս արք. Լէոյի հետ: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

23 յունիս, 2023-ին, Թորոնթոյի արքեպիսկոպոսական թեմին մէջ, տեղի ունեցած է առաջին պաշտօնական հանդիպումը Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս․ Յովակիմեանի եւ Ֆրանչիսկոս արք. Լէոյի միջեւ, ներկայութեամբ՝ Թեմի փոխ առաջնորդ արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարքարեանի:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին  նուիրուած առաջիկայ աղօթքի արարողութեան մանրամասնութիւնները։ 

Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցւոյ ուշագրաւ կերպարներէն է: 2015-ին,  Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Նարեկացի ճանաչուած է, որպէս «Եկեղեցւոյ Բժիշկ»: Անոր գրական գլուխ գործոցը` «Մատեան Ողբերգութեան», նշանակալից տեղ կը գրաւէ հայ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան մէջ: 

Աղօթքի այս արարողութեան նպատակն է աւելի խորացնել Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր ժառանգութեան ըմբռնումն ու անոր հանդէպ գնահատանքը քրիստոնէական համայնքին մէջ, նաեւ խորացնել բարեկամական կապերը Գանատահայ Թեմի եւ Թորոնթոյի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի  միջեւ։