Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան օրերս այցելութիւն տուած է Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի լուրերը տարածող հարթակներէ,ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Իսթամպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Գերաշնորհ Տէր Լեւոն Զեքիեան՝ Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, ժամը 16:30-ին այցելեց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մոհամէտ Նուրի Էրսոյին, Աթաթուրքի անուան մշակութային կեդրոնին մէջ: Անոր կ՚ընկերակցէին Վարդան Գազանճեանը, Պէյոլուն, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցուոյ Վաքըֆի տնօրէն Եէնալ Սուկուն եւ տնօրէն խորհուրդի անդամ՝ Քէն Օրունտաշը։