image

Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար՝ Զիատ Մաքարի Հայակազեան համալսարան այցելեց

 Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար՝ Զիատ Մաքարի Հայակազեան համալսարան  այցելեց

Վերահասու դարձանք, թէ վերջերս Լիբանանի Հայակազեան համալսարան այցելութիւն կատարած է Տեղեկատւութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարին, ընկերակցութեամբ Միշէլ Տը Շատարեւեանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համալսարանիս պաշտօնական էջէն, ուր նշուած է՝

 

Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2024-ին, Լիբանանի Տեղեկատւութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարին բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարան՝ ուղեկցութեամբ համալսարանի շրջանաւարտ՝ Միշէլ Տը Շատարեւեանի։

Իր այցի ընթացքին, Մաքարին տեսակցեցաւ համալսարանի նախագահ՝ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանին, վարչութեան աւագ կազմին, դասախօսական կազմին եւ շարք մը ուսանողներու հետ: Ան նաեւ շրջեցաւ համալսարանի բակը, ուր ուսանողական խորհուրդը աշխոյժօրէն աշխատանքի մղուած էր։ Ան նաեւ արագ այցելութիւն կատարեց «Տէրեան» գրադարան եւ «Ժառանգութեան» շէնք։

Մաքարին բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանի հեղինակութիւնը եւ անոր ակադեմական կուռ ծրագիրները՝ ընդգծելով մարդուժի անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով երկրի տնտեսական, ընկերային եւ անվտանգային մարտահրաւէրները, որոնք գաղթի ալիքներ կ՚առաջացնեն: Ան ընդգծեց նաեւ մասնաւոր եւ պետական հատուածներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ողջունելով Հայկազեանի եւ նախարարութեան համագործակցութիւնը։

Նախագահ Հայտոսթեան շեշտեց  Հայկազեան համալսարանի յանձնառութիւնը՝ դրական եւ կառուցողական մշակոյթ խթանելու, բաց միտք, հանդուրժողականութիւն եւ բարոյականութիւն տարածելու լիբանանեան արժէքները:Ան ընդգծեց նախարարութեան հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնը, մասնաւորապէս, մամուլի եւ հրատարակչութեան ոլորտներէն ներս։ Ապա, ան նախարարին նուիրեց Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ տպուած երկու հատորներ, որոնցմէ մէկը՝ հեղինակ Ռուբէն Աւշարեանի "On the Records" գործն է։