image

Նախկին նախարար՝ Վահան Քերոբեան «Տնային կալանք»ի տակ

Նախկին նախարար՝ Վահան Քերոբեան «Տնային կալանք»ի տակ

Հայաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի նկատմամբ փետրուար 16-ին դատարանի որոշմամբ նշանակուած է տնային կալանք՝ երկու ամիսով։ Նման միջոնորդութեամբ հանդէս եկած է քննչական մարմինը, դատարանը, փաստօրէն, ամբողջութեամբ այն բաւարարած է։ Քերոբեանին արգիլուեցաւ հաղորդակցիլ այլ անձանց հետ, օգտուիլ հեռախօսէն եւ համացանցէն։

«Կբողոքարենք դատարանի որոշումը, կարծում եմ»,- որոշման հրապարակումէն ետք լրագրողներուն ըսած է Քերոբեանը։ 

Վահան Քերոբեանին մեղադրանք առաջադրուած էր պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրես»-ը, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է Վահան Քերոբեանի փաստաբան Տիգրան Եգորեանը։

Ան տեղեկացուցած է, որ Վահան Քերոբեանը փետրուար 15-ին հարցաքննուած է Քննչական կոմիտէի կողմէ, որմէ ետք անոր մեղադրանք առաջադրուած է։

«Նա հարցաքննուել է նոյն գործով, որին ծանօթ էք՝ «Սիներջի» եւ «Հարմոնիա» ընկերութիւնների մրցութային պատմութեան վերաբերեալ։ Մեղադրանք է առաջադրուել նաեւ պարոն Քերոբեանին։ Մեղադրանքը պարոն Քերոբեանը չի ընդունում։ Մենք գտնում ենք, որ այն հիմքերը, որոնք բերուած են հետապնդման որոշման մէջ, եւ որոնք արտացոլուած են դատարան ներկայացուող միջնորդութեան մէջ, բաւականին թոյլ են։ Այն հետեւութիւնները եւ եզրայանգումները, որոնք բերուած են, կարծում ենք, որ իրականութեանը չեն համապատասխանում։ Մեր գնահատմամբ՝ դրանք հիմնականում ենթադրութիւնների մակարդակում են»,- մանրամասնած է Եգորեանը։

Փաստաբանը նշած է, որ նախաքննութեան գաղտնիութենէն ելլելով, շատ մանրամասներ չի կրնար յայտնել։

«Վահան Քերոբեանին մեղադրանք է առաջադրուել 441-րդ յօդուածի երկրորդ մասի 4-րդ կէտով (պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելը, անցնելը կամ օգտագործելը կամ ազդեցութիւն կիրառելը խմբի կազմում՝ շահադիտական նկատառումներով եւ նախնական համաձայնութեամբ)»,- յայտարարած է Եգորեանը։

Փաստաբանը աւելցուցած է, որ Վահան Քերոբեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն է ներկայացուած է դատարան։

Նախքան նիստի մեկնարկը լրագրողները հետաքրքրուածի էն Քերոբեանէն, թէ արդեօք գործը քաղաքակա՞ն է, որուն ի պատասխան Քերոբեանը նշած է, թէ այն քաղաքական ենթատեքստ չունի։

Աւելի վաղ անդրադառնալով վարոյթին՝ Քերոբեանն այն մտացածին որակած էր ու շեշտած, որ «այսօր աւելի կարեւոր գործեր կան»։

Նախօրէին Քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան կարիքներու համար ծառայութեան ձեռքբերման մրցոյթի ընթացքին կատարուած առերեւոյթ չարաշահումներու վերաբերեալ քրէական վարոյթով քրէական հետապնդում յարուցուած է 8 անձի նկատմամբ։

Փետրուար 14-ին Վահան Քերոբեանը տեղեկացուցած է, որ կը հեռանայ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն։

Զեղծարար չարաշահումներուն առնչուող երկու քրէական վարոյթներով յունուար 31-ին ձերբակալուած էր տնտեսութեան փոխնախարար Անի Իսպիրեանը եւ եւս 6 անձ: Քննչական կոմիտէն հաղորդած էր, որ տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձինք, նախնական համաձայնութեամբ, խումբ մը անձանց դրդմամբ եւ օժանդակութեամբ, չարաշահած են իրենց ծառայողական լիազօրութիւնները: