image

Գերմանիոյ տրամադրած «Փաթրիոթ» համակարգերը Ուքրանիա հասան

Գերմանիոյ տրամադրած «Փաթրիոթ» համակարգերը Ուքրանիա հասան

Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը՝ հրթիռներով, մատակարարուած է Ուքրաինա՝ համաձայն Գերմանիոյ կառավարութեան կայքին մէջ տեղադրուած թարմացուած ցանկի։

Թարմացուած ցուցակին մէջ, որ պարբերաբար տուեալներ կը հրապարակէ Քիեւին գերմանական ռազմական օգնութեան մասին, նշուած է, որ Գերմանիան փոխանցած է Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ՝ հրթիռներով։

Բացի այդ, ուքրանական կողմը Գերմանիայէն ստացած է եւս 16 Zetros բեռնատար։ Այսպիսով, Քիեւը ունի ընդհանուր առմամբ 76 նման բեռնատար։

Նաեւ Ուքրանիոյ փոխանցուած է եւս 2 սահմանապահ մեքենայ։ Ընդհանուր առմամբ, Քիեւը Գերմանիայէն ստացած է 124 նման մեքենայ։