image

Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ուղղափառ Եկեղեցիներու բարձր ժողովին

 Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան մասնակցեցաւ  Եւրոպայի Ուղղափառ Եկեղեցիներու բարձր  ժողովին

Օրերս   Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան  մասնակցութիւն բերած է   Եւրոպայի Ուղղափառաց եկեղեցւոյ    բարձրաստիճան կրօնական առաջնորդներու  համաժողովին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Այսօր, Գերմանիոյ Հէօքսթէր գիւղաքաղաքի Ղպտի֊Ուղղափառ վանին մէջ սկսաւ Եւրոպայի մէջ պաշտօնավարող արեւելեան֊ուղղափառ եպիսկոպոսներու եւ առաջնորդներու երկօրեայ խորհրդակցական հանդիպումը, որ կը վայելէ իրենց եկեղեցիներու եկեղեցապետերու օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ 

Հանդիպման կը մասնակցին Ղպտի֊Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ առաջնորդներ Անբա Դամիան եւ Անբա Միքայէլ եպիսկոպոսները, Հռոմի առաջնորդ Անբա Բառնաբա եպիսկոպոսը, Անտիոքի Ասորի֊Ուղղափառ Եկեղեցու Հոլանդիայի առաջնորդ Պոլիկարպոս Այդին մեթրոփոլիթը, Գերմանիոյ առաջնորդ Մաթիաս Նայիշ Արքեպիսկոպոսը։ 

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ, բացի Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեանէն, կը մասնակցին նաեւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանը, Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեանը, Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Տիրան Եպս. Պետրոսեանը, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Հոգշ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանը, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեանը։ Հանդիպման պիտի մասնակցէր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ սակայն առողջական պատճառներով չկրցաւ ժամանել Գերմանիա։ 

Առաջնորդներու հանդիպումը սկսաւ Ղպտի֊Ուղղափառ Սբ. Պատարագով, որմէ յետոյ ընթերցուեցան Արեւելեան֊Ուղղափառ եկեղեցապետերու ուղերձները։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի անգլերէն ուղերձը ընթերցեց Տիրան Սրբազանը։ 

Երկօրեայ նիստերու ընթացքին Արեւելեան֊Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդները պիտի խորհրդակցին եկեղեցիները յուզող զանազան հարցերու մասին եւ պիտի քննարկեն մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հնարաւորութիւնները։