image

Գերմանիայէն կոչ՝ «Աջակցինք աչքի խնդիրներ ունեցող հայ զինուորներուն»

  Գերմանիայէն կոչ՝ «Աջակցինք աչքի խնդիրներ ունեցող հայ զինուորներուն»

«Արեւելք»ի Գերմանիոյ աղբիւրէն վերահասու դարձանք, թէ օրերս Հայ -Գերմանացի բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու միութիւնը կոչ ըրած է նուիրատւութիւններու միջոցով աջակցելու աչքի փրոթեզաւորում (արհեստական փոխարինում) ստացած 60-է աւելի հայ զինուորներու։

Ստորեւ՝ Հայ -Գերմանացի բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու միութեան կոչը՝

Յարգելի գործընկերներ, հայրենակիցներ,

Հայ -Գերմանացի բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու միութիւնը 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմէն ետք ստանձնեց կարեւորագոյն ծրագիր մը. Գերմանիայէն ժամանած մասնագէտի վարպետ ձեռքով աչքի փրոթեզաւորում (արհեստական փոխարինող) ստացան աչքը կորսնցուցած 60-է աւելի զինուորներ: Այդ փրոթեզները պէտք է երկու տարին մէկ անգամ փոխուին, քանի որ կը կորսնցնեն իրենց որակական յատկութիւնները: Այժմ ժամանակն է, որ նախապատրաստենք մեր զինուորներու աչքի փրոթեզներու փոխման ծրագիրը, այն պիտի մեկնարկի այս տարուան մայիս ամսէն կրկին մեր սիրելի ակնաբուժ Նազելի Պաղտասարեանի ղեկավարութեամբ, ան պիտի ուղեկցի մեր սիրելի բարեկամ, աչքի փրոթեզաւորման մասնագէտ պարոն Շմիտթին դէպի Երեւան, ուր հրաշալի թիմային աշխատանքով կրկին պիտի իրականացնեն վերը նշուած ծրագիրը:

Սիրելի բարեկամներ, մենք Ձեր դրամական աջակցութեան կարիքն ունինք, շնորհակալ կ՚ըլլանք եթէ աջակցիք այս բարեգործական ծրագին, Ձեր փոքրիկ նուիրատւութիւնը մեծ ժպիտ կը բերէ մեր զինուորներու դէմքին եւ անսահման շնորհակալութեան զգացում կ՚առաջացնէ անոնց հարազատներու սրտերուն մէջ:

Մեր հաշուեհամարն է ՝

UNSERE BANKVERBINDUNG

Kontoinhaber: Verein Armenish-Deutscher Mediziner in Deutschland e.V.

Sparkasse Karlsruhe

IBAN: DE80 6605 0101 0108 3187 26

BIC: KARSDE66XXX

BLZ: 660 501 01

Kontonummer: 0108318726

Verwendungszweck: Spende