image

Գերմանիան պիտի դադրեցնէ ռուսական ածուխի ներածումը

Գերմանիան պիտի դադրեցնէ ռուսական ածուխի ներածումը

Գերմանիան 1 օգոստոսէն ամբողջութեամբ պիտի հրաժարի ռուսական ածուխէն, իսկ 31 դեկտեմբերէն՝ նաեւ նաւթէն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի՝ տնտեսական հարցերով օգնական Եորկ Քուքիսը։

«Իւրաքանչիւրը, որ ծանօթ է «Տրուժպա» նաւթամուղի պատմութեան, որ խորհրդային կայսրութեան գործիքն էր Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, գիտէ, որ այդ կախուածութենէն ազատիլը դիւրին գործ չէ, սակայն մենք այդ մէկուն պիտի հասնինք քանի մը ամսէն», - յայտարարած է Քուքիսը Սիտնիի մէջ, 12-13 յուլիսին ընթացող միջազգային ուժանիւթի ֆորումի ժամանակ։

Անոր խօսքով՝ այժմ Գերմանիոյ համար ամենաբարդը ռուսական ուժանիւթի միջոցներուն այլընտրանք գտնելը պիտի ըլլայ, որու համար Գերմանիան արագօրէն պիտի զարգացնէ հեղուկ բնական կազի ընդունման համար նախատեսուած կայանները։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ն ու Քաթարը միասին կրնան Եւրոպային մօտ 30 միլիառ խորանարտ կազ տրամադրել, սակայն առայժմ այն բաւական չէ ռուսական կազին փոխարինելու համար։