image

Գերեվառուած իրանցի վարորդները Իրան վերադարձան

Գերեվառուած իրանցի վարորդները Իրան վերադարձան

Ատրպէյճանը Իրան վերադարձուցած է բեռնակառքերու երկու վարորդները: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն:

«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, ելլելով մարդասիրութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ բարիդրացիութեան սկզբունքներէն եւ բարի կամք դրսեւորելով, համապատասխան պայմանաւորուածութեան համաձայն, 21 Հոկտեմբերի առաւօտեան Իրանին վերադարձուցած է այդ երկրի երկու քաղաքացիները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Գերատեսչութիւնը որպէս ձերբակալութեան հիմք կը նշէ «ապրանքներու մաքսանենգ կատարումը Ատրպէյճանի մաքսային սահմանով, ինչպէս նաեւ՝ երկրի պահպանուող պետական սահմանի ապօրինի հատումը առանց փաստաթուղթերու եւ անցակէտերու շրջանցմամբ»:

Յիշեցնենք, որ Գորիս-Կապան ճանապարհի հատուածին ատրպէյճանցի իրաւապահներու կողմէ 15 Սեպտեմբերին անօրինական կերպով երկու իրանցի վարորդ բերման ենթարկուած էր: