7 յունուարին, ժամը 16։21-ին Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Ներքին Գետաշէն-Մարտունի ճանապարհին կ'այրի ինքնաշարժ մը։
Դէպքի վայր մեկնած է արտակարգ իրավիճակներու նախարաութեան փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:
Պարզուած է, որ Մարտունի-Գաւառ ճանապարհի մօտ 4-րդ քմ-ին բախուած են «Opel» եւ «Lada Priora» մակնիշներու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ հրդեհ բռնկուած է, կայ 6 զոհ:
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 16:34-ին, մարած՝ 16:40-ին։ Այրած են ինքնաշաժները:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը լրացուցիչ յայտնած է, որ փրկարարները յատուկ միջոցներու օգնութեամբ «Opel» մակնիշի ինքնաշարժէն դուրս բերած են Ա․ Ա․-ի (1990-ի ծնունդ), Ա․ Շ․-ի (1993-ի ծնունդ), Ն․ Ա․-ի (2015-ի ծնունդ), Վ․ Ա․-ի (2018-ի ծնունդ), իսկ «Lada Priora» մակնիշի ինքնաշարժէն՝ Ն․ Կ․-ի (2000-ի ծնունդ) եւ Կ․ Ի․-ի (1991-ի ծնունդ) այրուած դիերը։