image
Հրատապ լուրեր:

Գարիկ Գալեյեանը կալանաւորուեցաւ

Գարիկ Գալեյեանը կալանաւորուեցաւ

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայող Մխիթար Գալեյեանի հայրը՝ Գարիկ Գալեյեանը 2 ամիսով կալանաւորուեցաւ։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին տեղեկացուցած է անոր փաստաբան Վահան Յովհաննիսեանը։

Փաստաբանը նշած է, որ կալանքի կիրառումը իրաւաչափ չէ, քանի որ Գարիկ Գալեյեանն ունի առողջական խնդիրներ։

Նշենք, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին մէջ կը քննուէր զոհուած զինծառայող Մխիթար Գալեյեանի հօր՝ Գարիկ Գալեյեանի խափանման միջոցի հարցը:

Դատարանի բակին մէջ անոր աջակիցները ցոյց իրականացուցած են: Զոհվածներու ծնողները կը պահանջեն ազատ արձակել անոր։

Աւելի վաղ ՔԿ-էն յայտնած էին, որ Գարիկ Գալեյեանին երկու մեղադրանք առաջադրուած է՝ խուլիկանութեան հիմքով եւ՝ իրացման նպատակով թմրամիջոց պահելու։