image

Գանատայի մէջ. Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան վերըaնտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնին

    Գանատայի մէջ. Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան վերըaնտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնին

 Առաջնորդական երկու շրջան բոլորելէ ետք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը Առաջնորդի պաշտօնին վերընտրած է Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 67/24-րդ ժողովը գումարուեցաւ 3-4 Մայիս 2024-ին, Թորոնթոյի մէջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանին։

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը՝ Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին, սկսաւ իր օրակարգերու գործադրման Ուրբաթ կէսօրին որուն դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Պրն. Համբիկ Գարայեան իսկ ատենադպիր Տիկին Հուրի Նաճարեանի։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմի բոլոր եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներն ու Ազգային Երեսփոխանները, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Ուինտզըրէն, Գէմպրիճէն, Վանգուվըրէն եւ տեղւոյն Թորոնթոյէն։ 

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ժողովիս յղած օրհնագիրը։

Ժողովը քննարկեց Թեմիս Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տարեկան միամեայ գործունէութիւնը։

Ժողովս յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի այսօրուան տագնապին, տիրող ճգնաժամին եւ վերահաստատեց շարունակել իր մարդասիրական ծրագիրները Հայաստան ներգաղթած Արցախահայութեան։ 

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցան Թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները։

Միաձայնութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ վերընտրուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան յառաջիկայ չորս տարիներուն համար։ 

2024-2025 տարեշրջանի Կրօնական Ժողովը կը ներկայացնէ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան եւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան։ Իսկ Ազգային Վարչութիւնը Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Ատենապետ, Տիկին Աննա Պուլկարեան, Ատենադպիր, Պրն. Նորայր Պէզճեան, Գանձապահ, Տիկին Արփի Աշքարեան, Պրն. Յարութ Գասապեան, Պրն. Վիգէն Գրիգորեան, Պրն. Օհան Կիւրեղեան, Պրն. Նազար Չաթալեան եւ Տիկին Մարիա Քէօսէյեան։

Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջով, «Հրաշափառ եւ Ուրախ Լեր» շարականներով նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղուեցաւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցի, ուր Սուրբ Խորանին դիմաց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը բարձրացուց առ Բարձրեալն Աստուած եւ ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը։