Գանատան պիտի վերսկսի անօդաչու թռչող սարքերու պահեստամասերու եւ պաշտպանական այլ սարքաւորումներու արտահանումը Թուրքիա, քանի որ կողմերը համաձայնութեան հասած են ատոնց օգտագործման թափանցիկութիւնն ապահովելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է «Bloomberg»-ը՝ յղում ընելով երկու թուրք պաշտօնեաներու, որոնք հաստատած են գործարքի փաստը։
Թուրքիան վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ տրամադրելու տեղեկատւութիւն անօդաչու թռչող սարքերու վերջնական օգտագործման վերաբերեալ՝ ներառեալ տեսախցիկներու համակարգերը, որոնք նախապէս ներմուծուած են։
Գանատան սարքաւորումներու արտահանումը դադրեցուցած էր 2020 թուականին՝ յայտարարելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ թրքական արտադրութեան ԱԹՍ-ներու օգտագործումը խախտում է Թուրքիոյ կողմէ տրուած երաշխիքներու՝ գանատական սարքաւորումներու վերջնական օգտագործման վերաբերեալ։
«Reuters»-ի հաղորդմամբ՝ համաձայնագիրն ուժի մէջ պիտի մտնէ այն պահէն, երբ Անգարան աւարտէ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Շուէտի դիմումի վաւերացումը։