image

Գանատան կ՚աջակցի Պաղեստին պետութեան ճանաչման

Գանատան կ՚աջակցի Պաղեստին պետութեան ճանաչման

Պաղեստին պետութեան ճանաչումը, որ խաղաղ կը գոյակցի Իսրայէլի հետ, ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան աւարտին։ Դեկտեմբեր 16-ին Վանքուվըրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այդ մասին յայտարարած է Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն։ Ան աւելցուցած է, որ Գանատան պիտի շարունակէ հանդէս գալ երկու պետութիւններու գոյակցման եղանակով հակամարտութիւնը լուծելու օգտին եւ պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ:

«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն չենք տեսներ այնքան ժամանակ, քանի դեռ իսրայէլացիները չեն ապրիր ապահով հրէական պետութեան մէջ, իսկ պաղեստինցիները՝ միջազգային սահմաններու մէջ ճանչցուած անվտանգ, ապահով եւ բարգաւաճ Պաղեստին պետութեան մէջ, որուն կը ձգտին»,- ընդգծած է Թրիւտօն:

Գանատայի վարչապետը աւելցուցած է, որ միջազգային ասպարէզի մէջ Օթթաուայի ջանքերն այժմ ուղղուած են այդ նպատակին հասնելուն։