Մասնաւորապէս կը նշուի, որ Պատրիարքութիւնը այդ կարգադրութեան դիմած է, որովհետեւ Տ. Եղիա Աւագ Քահանայ Քէրվանճեանը չէ լսած ամուսնալուծման չդիմելու մասին իրեն եղած յորդորները։
Գանատա հաստատուած եւ թեմի հոգեւորական դասուն մաս կազմող պոլսահայ Աւագ Քահանան կարգալոյծ յայտարարուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրի էջէն։
Մասնաւորապէս կը նշուի, որ Պատրիարքութիւնը այդ կարգադրութեան դիմած է, որովհետեւ Տ. Եղիա Աւագ Քահանայ Քէրվանճեանը չէ լսած ամուսնալուծման չդիմելու մասին իրեն եղած յորդորները։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Մայիս 2022 թուականի ԻԸ. նիստին նկատի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասու նախկին անդամ Արժ. Տ. Եղիա Աւագ Քահանայ Քէրվանճեանի պարագան։
Ժողովական հայրերը նկատի ունենալով, թէ ենթական կամաւորապէս ամուսնալուծուած էր, առանց նկատի առնելու այդ մասին իրեն եղած թելադրութիւնները, միաձայնութեամբ որոշեցին զինքը կարգալուծեալ յայտարարել եւ դասել աշխարահականաց կարգը իր աւազանի Ռուբէն անունով։