image

Գամիշլի. Կազմուած է Համազգայինի նոր վարչութիւնը

Գամիշլի. Կազմուած է  Համազգայինի  նոր վարչութիւնը

Գամիշլիի մէջ  տեղի ունեցած է  Համազգայինի  «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի  վարչական  ընդհանուր ժողովը։ 

Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկացաւ  միութեան դիմաետրի էջէն , ուր  նոյնպէս ներկայացուցած է ժողովի մանրամասնութիւնները ներկայացնող  կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կու տանք ստորեւ՝

 

 

Համազգային Աւետիս Ահարոնեան մասնաճիւղը իր անդամական  ժողովի Բ. նիստը գումարեց Կիրակի օր ժամը 5,00-ին Խորէնեան սրահէն ներս։

Ժողովը  հանգամանօրէն ունկնդրեց եւ քննեց օրակարգի կէտերուն սկսեալ շրջանային ԻԳ պատգամաւորական ժողովէն յղացած բանաձեւը, ապա  վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ուրախութեամբ հաստատեց գաղութէս ներս համազգայինի ընդարձակումը  ու բարգաւաճիլը եւ անոր ունեցած տպաւորիչ հետքերը հագեցնելով մշակոյթի ծարաւը։ Ժողովը հարուստ էր իր շինիչ առաջարկներով, որոնց իրագործման  յանձնառու կը մնայ նորակազմ վարչութիւնը։ Ընթացքին խօսք առաւ վարչութեան Ատենապետ ընկ. Յակոբ Պարսումեան ան ընգծեց թէ' Համազգային մշակութային միութեան 2022  սեւեռակէտը պետք Է  դառձնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. Շնորհազարդ Կաթողիկոսի  Սրբատառ կոնդակի հռչակագիրը որ կը կրէ «Սփիւռքի Տարի» մէջբերելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ըսաւ «Զօրաւոր սփիւռք կը նշանակէ զօրաւոր հայրենիք եւ փոխադարձաբար զօրաւոր հայրենիքը նախապայման է զօրաւոր սփիւռքի»։ Ընկ. Պարսումեանը այս ժողովին ընդմէջէն  առաջարկով  կոչ ուղղեց համազգայինի Շրջանային վարչութեան խողովակով ուղղուած Կեդրոնական Վարչութեան որ համազգայինը ինչպէս ամէն միութիւն ունենալ եւ մշակել համազգայինի քայլերգը որպէսզի դառնայ նախաբան իր բոլոր ժողովներուն։

Ապա Ժողովը ընտրեց իր նոր վարչութիւնը, որ կրեց հետեւեալ պատկերը

Ընկ. Յակոբ Պարսումեան

Ընկհ. Յասմիկ Պոզոյեան

Ընկհ. Յասմիկ Տիգրանեան

Ընկ. Մանուկ Դաւիթեան

Ընկ. Կարպիս Շիրիքճեան

Ընկհ. Ռուզան Պետրոսեան 

Ընկհ. Դալար Տօնապետեան 

Ընկ. Վահէ Յովհաննէսեան 

Ընկ. Քրիստափոր Միքայելեան։ 

Աւարտին Շրջանային վարչութեան լիազօրը ընկհ. Ռիթա Տէր Սարգիսեան  խօսք առնելով  դիտել տուաւ կարեւորութիւնը  կազմակերպչական աշխատանքին, երիտասադրականացնելով համազգայինի շարքերը նաեւ զարկ տալ քարոզչական աշխատանքին մանաւանդ համացանցային հարթակի ճամբով եւ բծախնդիր մօտենալ հայեցի կրթութեան դիմագիծի պահպանման հարցի, ան բարի երթ մաղթեց նորընտիր վարչութեան որմէ ետք վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։