image

Գահիրէ-Երեւան դիւանագիտական նոր թափ. Հանդիպած են երկու երկիրներու ԱԳ ներկայացուցիչները

 Գահիրէ-Երեւան դիւանագիտական նոր թափ. Հանդիպած  են երկու  երկիրներու ԱԳ ներկայացուցիչները

Երեւանի մէջ 29 յուլիսին կայացած են քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ: Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, եգիպտականը՝ Արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական հարցերով տեղակալ Իհապ Նասրը։

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, կողմերն արձանագրած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ առկայ յարաբերութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը՝ հիմնուած հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու պատմական, մշակութային եւ քաղաքակրթական կապերու եւ բարեկամութեան վրայ։

«Խորհրդակցութիւնների ընթացքում անդրադարձ կատարուեց մի շարք ոլորտներում հայ-եգիպտական երկկողմ յարաբերութիւններում առկայ իրավիճակին եւ դրանց առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման համար անհրաժեշտ քայլերին։ Կողմերը շեշտեցին Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնների հետագայ զարգացման եւ խորացման ուղղութեամբ համատեղ աշխատելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Մտքեր փոխանակուեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի մի շարք հարցերի շուրջ:

Անդրադարձ կատարուեց Հայաստանի՝ տարածաշրջանում խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմանն ուղղուած քայլերին։ Ատրպէյճանի կողմից սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով առաջացած հումանիտար (մարդասիրական) խնդիրների համատեքստում՝ հայկական կողմն ընդգծեց հայ ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ աղբիւրի՝ խորհրդակցութիւններու աւարտին եգիպտական պատուիրակութիւնը ընդունած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը: Նախարար Միրզոյեան կարեւորած է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կայացումը, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներու շփումները եւ փոխադարձ այցերը, որոնք կը նպաստեն բազմաոլորտ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման: