295 կողմ եւ մէկ դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Ֆրանսայի Սենատը ընդունած է բանաձեւ, որմով կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի դէմ, իսկ Պաքուէն կը պահանջէ Հայաստանի տարածքէն զօրքերը դուրս բերել եւ հայ ռազմագերիները ազատ արձակել, ապահովել 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի հրադադարի համաձայնագրի կատարումը:
Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Սենատի բանաձեւը.
– Կը պահանջէ հեռացնել Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը.
– Կոչ կ՛ուղղէ՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովելու անոնց վերադարձը հայրենիք.
– Կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներուն հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակման համար պատժելու նպատակով, նաեւ կիրարկելու պատժամիջոցներ, որոնք թիրախ պիտի դարձնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն արգելք դնել Ատրպէյճանէն կազի եւ նաւթի ներածման հարցին մէջ.
– Կը վերահաստատէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ Արցախի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ մը.
– Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնները:
Բանաձեւը ներկայացուցած են սենատորներ Պրունօ Ռըթայոն, Քրիսթիան Քամպոնը, Էլիան Ասասին, Փաթրիք Քանները, Էրվէ Մարսէյը եւ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազը։
Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ եղան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: