image

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ՀՀ–ի վերաբերեալ բանաձեւը Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ՀՀ–ի վերաբերեալ բանաձեւը Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ

Ֆրանսայի խորհրդարանի Ստորին պալատի ընդունած բանաձեւի բովանդակութիւնը երկրի կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը չէ։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը յայտնի է եւ բազմիցս արտայայտուած է նախարարի կողմէն, մասնաւորապէս` անցեալ տարուայ 29 նոյեմբերին։ Ֆրանսան կը շարունակէ կողմերը յորդորել առաջ շարժիլ բանակցութիւններուն մէջ` օգտուելով խաղաղութեան հնարաւորութիւնէն»,– շեշտած է գերատեսչութիւնը։

Ֆրանսայի ԱԳՆ յայտարարութեամբ նշուած է նաեւ, որ ճիշդ այս ոգիով Ֆրանսայի նախագահը Փրակի մէջ կայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, որ յանգեցուցած է Հայաստանի տարածքին ԵՄ դիտորդներու առաքելութեան ծաւալման։