Պրիս Ռոքֆէյլը նշանակուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նոր համանախագահ։ Ան պիտի փոխարինէ Սթեֆան Վիսքոնթին, որ համանախագահ էր 2016-ի Հոկտեմբերէն։
Ռոքֆէյլ զբաղեցուցած է Փանամայո, Ուզպեքիստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է գլխաւոր հիւպատոս Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ։ 2000-ական թուականներուն եղած է քաղաքական խորհրդական Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն մէջ։