image

Ֆրանսան չափազանց զգօն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ․ Մաքրոն

Ֆրանսան չափազանց զգօն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ․ Մաքրոն

Ֆրանսան զգօն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ․ այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ֆրանսական TF1 եւ France 2 հեռուստաալիքներուն տուած հարցազրոյցին։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը թարգմանաբար ներկայացուցած է զրոյցի՝ Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող կարեւորագոյն կէտերը։

«Ներկայ պահուն Ֆրանսան չափազանց զգօն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, քանի որ այն այժմ վտանգուած է»,- ըսած է Մաքրոնը աւելցնելով, որ «այսօր ունինք Ռուսիան, որ մեղսակից է Ատրպէյճանին, Թուրքիա, որ միշտ աջակցած է ատրպէյճանական գործողութիւններուն եւ սանձազերծ տէրութիւն մը, որ կը սպառնայ Հայաստանի սահմաններուն»։

Ֆրանսայի նախագահի խօսքով՝ «Ֆրանսայի աջակցութիւնը հայերուն ի սկզբանէ եղած է անվերապահ, ամբողջական, մշտական»:

Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման մասին Մաքրոնն ըսած է․ «Վերջին օրերուն ականատես եղած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անընդունելի յանցագործութիւններու եւ պատերազմական գործողութիւններու», «այդ հողի վրայ ապրող հայազգի բնակչութեան իրաւունքներն ամբողջութեամբ խախտուած են»։

Ան խօսած է քաղաքական աջակցութեան մասին, որ «միայն բանակցային ճանապարհով տեւական խաղաղութեան պայմաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարգուին փոքրամասնութիւններու իրաւունքները»։