image

Ֆրանսահայութիւնը կորսնցուց նուիրեալ հայորդի մը. Ռեմոն Եզեկելեանի մահուան առթիւ

 Ֆրանսահայութիւնը  կորսնցուց   նուիրեալ հայորդի մը.  Ռեմոն Եզեկելեանի  մահուան առթիւ

 «Արեւելք» (Փարիզ),- Շաբաթներ առաջ  Ֆրանսահայ շրջանակներ գուժեցին մահը  գործարար եւ նախաձեռնող, փաստաբան Ռեմոն  Եզեկելեանի   մահը։

Ասոր մասին  օրին իմացանք էինք    Փարիզի մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Յառաջ»  պարբերականէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք    մեր աղբիւրին մէջ  լոյսին տրուած հակիրճ մահագրութիւնը։

Ֆրանսահայ    համայնքը,  կը շարունակէ մնալ   վառ եւ աշխոյժ, իսկ Ռեմոն Եզեկելեանի   նման  ազգայիններու  կորուստը    յաճախ վեր կը հանէ այն էական հարցումը, որ  մեզմէ հեռացող եւ այս աշխարհէն մեկնողներուն  փոխարինողներ  պիտի ըլլան։

 Յուսանք։

Ստորեւ  մահագրութիւնը։

 

Ցաւով տե­­ղեկա­­ցանք, թէ 89 տա­­րեկա­­նին իր մահ­­կա­­­նացուն կնքած է գա­­ղու­­թիս ծա­­նօթ դէմ­­քե­­­րէն փաս­­տա­­­բան, գոր­­ծա­­­րար եւ բա­­րերար Ռե­­մոն Եզե­­կէլեան։ 

Ան շատ սերտ կա­­պեր հաս­­տա­­­տած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ իր ար­­հեստին բե­­րու­­մով ալ՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի Փաս­­տա­­­բանա­­կան կա­­ճառին հետ։ Իր հիմնական ար­­հեստին զու­­գա­­­հեռ՝ ծա­­ւալած է զբօ­­սաշրջա­­կան ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծա­­­րարա­­կան աս­­պա­­­րէզ, պան­­դոկներ բա­­նեց­­նե­­­լով ափ­­րի­­­կեան հե­­ռաւոր Գոթ տ՚Իվո­ւառէն մին­­չեւ Փա­­րիզ ու Երե­­ւան, ինչ որ իրեն ապա­­հոված է նիւ­­թա­­­կան բա­­րեկե­­ցու­­թիւն եւ թոյլ տո­ւած կա­­տարել բա­­րեսի­­րական բազ­­մա­­­թիւ նա­­խաձեռ­­նութիւններ՝ յատ­­կա­­­պէս հայ­­րե­­­նի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու կրթա­­թոշակ­­ներ, նո­­րըն­­ծայ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Ֆրան­­սա­­­յի մէջ վար­­ժընթաց­­ներու հովանաւորում, վի­­րաւոր զի­­նուոր­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու օգ­­նութիւն…։ Ան նաեւ բա­ւական կա­րեւոր նիւ­թա­կան նպաստ ապա­հոված է “Nouvelles d’Arménie Magazine”-ին իր պան­դոկնե­րու առատ ծա­նու­ցումնե­րով։ Եզեկէլեան նաեւ վեր­ջին քա­նի մը տա­րինե­րու ըն­թացքին նա­խաձեռ­նած էր «Նո­յեան Տա­պան» ֆրան­սե­րէն-անգլե­րէն առ­ցանց թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան, որ կ՚առա­քուի անվճար յատ­կա­պէս իր բա­րեկամ­նե­րու շրջա­նակին, բայց ոչ միայն։ ■