image

Ֆրանսա եւ Չինաստան քննարկում. Թեման Լեռնային Ղարաբաղն է

Ֆրանսա եւ Չինաստան քննարկում. Թեման Լեռնային Ղարաբաղն է

Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի հեռախօսազրոյց ունեցած են ։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նշուած է, որ, ի թիւս այլ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցերու, Ֆրանսայի եւ Չինաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ եւ Նիկերի մէջ։

Երկու նախարարները պայմանաւորուած են շարունակել սերտ երկխօսութիւնը այս բոլոր հարցերու շուրջ: