Ֆինլանտայի իշխանութիւնները կը փափաքին ցանկապատ կառուցել Ռուսիոյ հետ սահմանին` երկիրը անվտանգ դարձնելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնէ երկրին Ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կը ծրագրուի ցանկապատ կառուցել Ռուսիոյ հետ արեւելեան սահմանի կրիտիկական շրջաններու մէջ: Այդ կերպ իշխանութիւնները կը ծրագրեն պայքարիլ հիպրիտային բնոյթի սպառնալիքներու եւ քաղաքական ճնշման նպատակով փախստականութեան հարցի օգտագործման դէմ:
Շինարարութեան համար հանրապետութեան սահմանային ծառայութիւնը պիտի ստանայ յաւելեալ ֆինանսաւորում: