Եւրոմիութիւնը 8,08 միլիառ տոլար արժողութեամբ օգնութեան փաթեթ կը պատրաստէ Եգիպտոսի համար՝ մտավախութիւն ունենալով, որ Սուտանի եւ Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմը կրնայ աւելիով սրել Եգիպտոսի ֆինանսական խնդիրները, գրած է բրիտանական Financial Times թերթը։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Բրիտանական Financial Times թերթը յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը 7,4 միլիառ եւրոյի (8,08 միլիառ տոլար) օգնութեան փաթեթ կը պատրաստէ Եգիպտոսին, որու նպատակն է աջակցիլ երկրի տնտեսութեան, մտավախութիւն ունենալով, որ Կազայի եւ Սուտանի պատերազմը կրնայ սրել Եգիպտոսի մէջ ֆինանսական խնդիրները:
Աղբիւրը յայտնած է, որ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայն յաջորդ կիրակի Յունաստանի, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի վարչապետներու հետ պիտի մեկնի Գահիրէ՝ համաձայնագիրը վերջնական տեսքի մէջ դնելու եւ այդ մասին յայտարարելու նպատակով։
Միւս կողմէ, Moody's վարկային վարկանիշային գործակալութիւնը վերանայած է Եգիպտոսի տնտեսութեան իր կանխատեսումը, զայն վերածելով «դրական»ի՝ «CAA1» վարկանիշի։
Գործակալութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «ԱՄԷ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ուղղակի եւ շատ մեծ օտարերկրեայ ներդրումները զգալիօրէն պիտի բարձրացնեն Եգիպտոսի տնտեսական արտարժութային պահուստները՝ ծածկելու արտաքին ֆինանսաւորման բացը՝ մինչեւ 2026 թուականի յունիսին աւարտող ֆինանսական տարին»:
Եգիպտոսի մէջ ներկայիս զգալի գնաճ կը նկատուի՝ կապուած եգիպտական Կինէի նկատմամբ տոլարի փոխարժէքի մեծ բարձէացումին հետ։ Սա ուղղակիօրէն կ՚ազդէ Եգիպտոսի մէջ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիներուն վրայ, այն աստիճան, որ ոմանք տարուած են մեծ քանակութեամբ ապրանքներ գնելու, մանաւանդ, որ անոպք մտած են իսլամական սուրբ ամիս՝ «Ռամատան»ը։