image

Ֆայրուզը, ոչ միայն «գոհար», այլ հոգատար մայր...

  Ֆայրուզը, ոչ միայն «գոհար», այլ հոգատար մայր...

Արաբական աշխարհի  անմահանուն երգչուհի՝  երգչուհի Ֆայրուզ միշտ ալ ուշադրութեան առանցքին է։

Տաղանդաւոր երգչուհին, որ համաշխարհային հռչակի հասած է 87 տարեկան է եւ կ՚ապրի բաւական «փակ» եւ լոյսերէ հեռու կեանք մը։

Օրերս Ֆայրուզի անունը դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ երեւելի դարձած է, երբ ան մեծ նուիրումով մը յատուկ պէտքեր ունեցող որդինն՝ Հալիին ( 60 տարեկան) հոգ կը տանի եւ զինք կ՚առաջնորդէ՝ եկեղեցի։

Կը նշուի նաեւ, որ առիթը եղած է Հալիի հօր՝ եւ Ֆայրուզի միակ ամուսնոյն՝ Ասիի Ռահպանիի հերթական տարելիցի արարողութիւնը, ուր Ֆայրուզի եւ Հալիի կողքին արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ անոր կրտսեր որդին՝ Զիատ Ռահպանին, ինչպէս նաեւ անոր դուստրը՝ Ռիման։

 Ֆայրուզի հազարաւոր երկրպագուներ, որոնք տարածած են լուսանկարը հիացական գրառումներ կատարած են Ֆայրուզի մասին նկատել տալով, որ ան «ոչ միայն երգի «գոհար» է, այլ նաեւ իսկական եւ հոգատար մայր»։

 Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանեան երգարուեստի տիւան՝ Ֆայրուզը, իր տաղանդով, մեծութեամբ եւ անդրուելի ձայնով կը շարունակէ մնալ արաբական երգի մեծագոյն անուններէն մին, ու այդպիսով ալ համարուիլ «ողջ դասական» մը։

 Ֆայրուզ լսեցէք, յաճախ եւ ինչքան հնարաւոր է, անոր ձայնը բալասան է...

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի