image
Հրատապ լուրեր:

Էվելինա Սարեան՝ Թեկնածու Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրութիւններուն

Էվելինա Սարեան՝ Թեկնածու Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրութիւններուն

Էվելինա Սարեան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած է։

Ընտրապայքարին մեկնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ 3 Դեկտեմբեր ին, «Կացին» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնակով մը, որ ի մի բերաւ համակիրներ, համայնքային ղեկավարներ եւ համայնքի անդամներ, որոնք խանդավառութեամբ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն աւելի ապահով, ուժեղ եւ ընտանիքներու շահերը նկատի առնող քաղաք մը մէջտեղ բերելու՝ Էվելինա Սարեանի տեսլականին։

Ներկաները ծանօթացան թեկնածուին գաղափարներուն, որոնց նպատակը Կլենտէյլի փոքր ծաւալի ձեռնարկութիւններուն, աւելի պատասխանատու ղեկավարութիւն մը յառաջացնելու գործին եւ հանրային ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն դարձնելուն նպաստելն է։

Էվելինա Սարեան իր երախտապարտութիւնը յայտնեց բոլորին՝ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, շեշտելով, որ ընտրապայքարին նպատակը մէջտեղ բերելն է Կլենտէյլ մը, որ հպարտութիւն պիտի պատճառէ բոլորին։

Էվելինա Սարեան յաջողակ գործարար մըն է, որ նաեւ կրթական եւ ձեւաւորումի ոլորտներուն մէջ աշխատած է։ Մայր մը ըլլալու կողքին, ան նաեւ համայնքին շահերուն նուիրեալ ջատագով մըն է։

Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։