image

Եւս 1 աճիւնի յայտնաբերում

Եւս 1 աճիւնի յայտնաբերում

44-օրեայ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած եւ մինչեւ օրս անհետ կորսուած համարուող զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու աճիւններու որոնողական աշխատանքները այսօր փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած են Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ: 

Յայտնաբերուած եւ տարհանուած է եւս մէկ աճիւն: Անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն յետոյ:

Այսպիսով, 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր տարհանուած է ընդհանուր 1702 աճիւն: