Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը (EUMA) կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիսներուն երեք յաւելեալ գործառնական հանգոյց հիմնել Ջերմուկի, Իջեւանի եւ Եղեգնաձորի մէջ՝ աստիճանաբար հասնելով մօտ ապագային լիարժէք գործառնական կարողութեան: Այս մասին յայտարարած է առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը՝ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի հետ Մարտունիի մէջ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ աշխատանքային խումբի Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալելու ժամանակ:
.jpg)
Ռիթըր անոնց ներկայացուցած է քաղաքացիական առաքելութեան մանթատն ու գործունէութիւնը:
Անոր խօսքով՝ գործունէութեան առաջին եռամսեակին առաքելութիւնն իրականացուցած է աւելի քան 300 պարեկութիւն Գորիսի, Ջերմուկի եւ Մարտունիի մէջ իր հանգոյցներուն մէջ: Ամէն շաբաթ պարեկները կ'անցնին աւելի քան 3800 քիլոմեթր տարածութիւն:
«Մեր նպատակն է, ի թիւս այլնի, նպաստել սահմանամերձ շրջաններու անվտանգութեան կայունացման։ Եւ, ըստ բազմաթիւ հայ պաշտօնեաներու, Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը նպաստած է իրավիճակի որոշակի կայունացման։ Այնուամենայնիւ, իրավիճակը կը մնայ անկայուն», - աւելցուցած է Ռիթըր:
Առաքելութեան շտաբը կը գտնուի Եղեգնաձորի մէջ, ունի վեց արագ արձագանգման կեդրոն եւ կապի գրասենեակ Երեւանի մէջ:
