image
Հրատապ լուրեր:

«Ետիհոթ Ահրանոթ». Իսրայէլացի բարձրաստիճան հրամանատարներ՝ «Պատերազմը փակուղի մտած է»

«Ետիհոթ Ահրանոթ».  Իսրայէլացի բարձրաստիճան հրամանատարներ՝ «Պատերազմը փակուղի մտած է»

Իսրայէլեան Yedioth Ahronoth թերթը նշած է, որ Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպման ժամանակ եկած են այն եզրակացութեան, որ պատերազմը «մտած է փակուղի»։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Իսրայէլեան Yedioth Ahronoth թերթը հաղորդած է, որ իսրայէլեան անվտանգութեան ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպման ժամանակ եզրակացուցած են, որ պատերազմը «մտած է փակուղի»՝ հաշուի առնելով, որ Միացեալ Նահանգներ չաջակցիր Ռաֆահի մէջ ռազմական գործողութեան  մը իրականացման։

 

Հանդիպումը կայացած է Ապրիլ ամսուան վերջերը եւ որակուած որպէս «վճռական», քանի որ այն շրջադարձային եղած է գերիներու փոխանակման գործարքի վերաբերեալ Իսրայէլի դիրքորոշման առումով։

 

Հանդիպման մասնակցած են Իսրայէլի կառավարութեան անվտանգութեան նախարարը, շտաբի պետերը, Շին Պեթը, Մոսատը եւ բանակցութիւններու գործով պատասխանատու անձը։ Անոնք պայմանաւորուած են գերիները վերադարձնելու առաջնահերթութեան շուրջ՝ պաղեստինցիները առանց նախապայմաններու Կազայի հատուած վերադարձնելու եւ «Նեցարիմ»էն (Կազայի հատուածին մէջ հրէական բնակավայր - խմբ.) դուրս գալու դիմաց։

Պաշտօնեաները տեսած են, որ «բանակը իրական պատերազմ չի վարեր» Կազայի մէջ, եւ Նաթանիահուն եւ Պեն Կըվիրը «կ՚անտեսեն այս փաստը»։

Պարբերականը նաեւ նշած է, որ գերատեսչութիւններու ղեկավարները միաձայնութեամբ  համաձայնած են, որ «Իսրայէլը կորսնցուցած է երկու հիմնական առաւելութիւն՝ ամերիկեան աջակցութիւնն ու փողոցի միասնութիւնը», մատնանշելով, որ պաշտօնեաները յանգած են այս  եզրակացութիւններուն,  առանց  համաձայնութեան հասնելու հիւսիսային ճակատին վրայ    առնուելիք  քայլերուն եւ Կազայի ճակատի հանդարտեցման։

Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու վերջին փուլի ձախողումէն անմիջապէս ետք, որ կապուած է իսրայէլացի պատանդներու ազատման եւ Կազայի հատուածի դէմ յարձակման դադրեցման , եգիպտական ​​աղբիւրներ ըսած է, որ գնդակը այժմ կը գտնուի իսրայէլեան  դաշտին մէջ։

«Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն յայտարարած է, որ շարժումը դեռ կը ցանկայ հասնիլ համապարփակ, փոխկապակցուած փուլային համաձայնութեան, որ վերջ կու տայ պատերազմին, կ՚ապահովէ բանակի դուրսբերումը եւ կը հասնի գերիներու փոխանակման գործարքին։ Հանիէն նաեւ հարցադրած է. «Ի՞նչ նշանակութիւն ունի համաձայնագիրը, եթէ հրադադարը ատոր առաջին արդիւնքը չէ»:

Այս յայտարարութիւնը կը հնչէր այն ժամանակ, երբ իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը հաղորդէին, որ «Համաս» շարժումը կը պնդէ, որ պատերազմի աւարտը «գրուած ըլլայ համաձայնագրին մէջ եւ չսահմանափակուի միայն երաշխիքներով»:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան խմբակցութիւններու առաջատար աղբիւրը Al-Mayadeen-ին հաստատած է, որ Նաթանիահուն եւ Իսրայէլի առաջնորդները «միշտ կը տապալեն բանակցութիւնները», մատնանշելով, որ «Նաթանիահուն յամառ է եւ շահագրգռուած չէ իր գերիներու վերադարձով, ոչ ալ անոնց ընտանիքներու պահանջներով, եւ ան մարտահրաւէր կը նետէ աշխարհին շարունակելու՝ ցեղասպան պատերազմը»։