image

Եթէ Քիեւն ու անոր հովանաւորներն ընդունին կարգաւորման մեր տարբերակը, ռազմական գործողութիւնները անյապաղ կը դադրեցուին. Փութին

Եթէ Քիեւն ու անոր հովանաւորներն ընդունին կարգաւորման մեր տարբերակը, ռազմական գործողութիւնները անյապաղ կը դադրեցուին. Փութին

Եթէ Քիեւն ու անոր հովանաւորները ընդունին կարգաւորման ռուսական տարբերակը, ռազմական գործողութիւնները անյապաղ կը դադրեցուին, մարդկային կեանքեր չեն կորիր եւ կը սկսին բանակացութիւններ. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին։

«Յիշեցնեմ, որ յունիսի կէսերուն մենք ներկայացուցինք կարգաւորման մէկ այլ տարբերակ, որ, եթէ ուքրանական կողմը, եւ ամենակարեւորը անոր արեւմտեան հովանաւորները, պատրաստ ըլլային ընդունելու, թոյլ կու տայ բառացիօրէն անմիջապէս, անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, փրկել մարդկային կեանքեր եւ սկսիլ բանակցութիւններ»,- ելոյթի ժամանակ ըսած է Փութին:

Նշենք, որ յունիսին առաջարկուած տարբերակը կը ներառէ ուքրանական զօրքերու դուրսբերումը ինքնահռչակ Տոնեցքի ու Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններէն, Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերէն, այդ տարածքները ռուսական ճանչնալը, Արեւմուտքի պատժամիջոցներու չեղարկումը, Ուքրանիոյ չէզոք՝ ՆԱԹՕ-էն դուրս եւ ապամիջուկային կարգավիճակի ապահովումը: