Եթէ Չինաստան աջակցի Ռուսիոյ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին, ան ստիպուած պիտի ըլլայ «իրական գին» վճարել։ Այս մասին CNN-ի եթերով ըսած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան։
Ան նշած է, որ Չինաստան դեռ քայլեր չի ձեռնարկեր Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժելու հարցով մահացու օգնութիւն (մահացու զէնք) ցուցաբերելու համար, սակայն ԱՄՆ փակ դռներու ետեւ հասկցուցած է, որ նման քայլը լուրջ հետեւանքներ կ'ունենայ։
«Փեքին պէտք է ինքնուրոյն որոշումներ կայացնէ, թէ ինչպէս վարուի, արդեօք ռազմական օգնութիւն տրամադրէ՞.., բայց եթէ այդ ճանապարհով երթայ, իրական գին պիտի վճարէ, եւ այդ մէկը վնաս կը հասցնէ Չինաստանին»,- ըսած է Պայտընի խորհրդականը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ CNN յայտնած էր, որ Չինաստան հակուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան զէնք ուղարկելու։ Վերջնական որոշումը դեռ կայացուած չէ, սակայն Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին սարքաւորումներու գինի եւ ծաւալի շուրջ։ Աւելի ուշ Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը հաստատած է այս տեղեկութիւնը։