image

Ես հարուստ աղջիկ կ՚ուզեմ

Ես հարուստ աղջիկ կ՚ուզեմ

Կրկին նիւթս Մարքէթփլէյս (Marketplace) կայքէջն է, ուր վաճառքի կը դրուին նախապէս գործածուած այլազան առարկաներ՝ հագուստեղէն, կահոյք, ձեռագործներ, առտնին պիտոյքներ: Ուշագրաւ երեւոյթ է այս կայքէջին վրայ տեղադրուած մատանիները, որոնք իրենց թիւով կը գերադասեն այլ առարկաները:  Մատանիները պարզ մատանիներ չեն, որոնք իգականի մը արդուզարդի հաւաքածոյին մէջ պատշաճ տեղ մը կը գրաւեն, այլ մատանիներ են, որոնք զոյգերու միջեւ կը փոխանակուին, որպէս խոստում  (promise ring) ապագայ կողակիցներ դառնալու, կամ խորհրդանիշ նշանախօսութեան եւ ամուսնութեան։ 

Ցուցադրուած մատանիները կը յատկանշուին՝ այլազան չափերով, տեսքով, կիսաթանկարժէք, կամ ադամանդեայ  քարերով, իսկ ոմանք հռչակաւոր  վաճառանիշերու մակնիշով: Այս մատանիները կը հաստատեն, որ անցեալին երկու անձ ներգրաւուած էին զգացական սերտ յարաբերութեան մը մէջ եւ մեծ խանդավառութեամբ այդ մատանիները գնուած ու  դուրս բերուած էին ոսկերչանոցի մը ցուցափեղկէն եւ զետեղուած սիրելիի մը մատին վրայ: Սակայն այսօր անոնք ունին պատմութիւն մը յուսախաբութեան, խոստմնադրժութեան, սպառած սիրոյ, իրարամերժութեան, ամուսնալուծման: 

Հաւանաբար ոմանք շփոթած էին իրենց զգացումները անցողիկ սիրահարութեան մը փռնկումներուն հետ , որոնք պահ մը խարոյկի մը տպաւորութիւնը ստեղծելէ ետք՝ առաջին անձրեւին  հետ «թրջուեցան», ապա շիջեցան: 

Վստահաբար կային զոյգեր, որոնք ամէն ջանք թափեցին փրկելու համար իրենց կապը, բայց տեղ մը անոնք չյաջողեցան...: Ամէն մէկ խզում ունի յարգելի, կամ անհեթեթ պատճառներ, բայց իմ նպատակս այդ փապուղիին մէջ մտնել եւ արժեւորումներ կատարել չէ։ 

Մարքէթփլէյսի վրայ վաճառուող խոստումի մատանիները ինծի յիշեցուցին դէպք մը, որ օրին շատ ցնցած էր զիս:

Դէպքը պատահեցաւ 1980- ին։ Թէեւ Հայաստանը արտասահմանցի ուսանողներուն դիմաց ուսման դռները լայն բացած էր, սակայն կային արգելքներ, որոնցմէ մէկը նամակներու առաքումն էր արտասահմանի եւ Հայաստանի միջեւ: Նամակները սահմանին (տամօժնիաին) մէջ կը գրաւուէին ու կը պատռուէին: 

Այդ օրերուն այժմու ընկերային ցանցերը չկային, իսկ Լիբանանի պատերազմին պատճառով հեռաձայնային սպասարկութիւն ըսուածը գոյութիւն չունէր: Ովքեր, որ կ՚ուզէին իրենց սիրելի ուսանողներուն հետ կապ պահել, Հայաստան մեկնող մը կը փնտռէին, նամակ մը կու տային, յոյս ունենալով, որ այդ կը փրկուի խիստ տամօժնիաի խուզարկութենէն եւ կը հասնի իրենց սիրելիին: 

Սեդան եւ ես միջին յայտարար մը ունէինք՝ իմ նշանածս եւ իր ընկերը՝ Գէորգը, 

 Հայաստանի մէջ կ՚ուսանէին: Նամակային հաղորդակցութիւնը մեր միակ միջոցն էր կապ պահելու մեր սիրելիներուն հետ։ Երբ, որ կ՚իմանայինք, թէ Հայաստան մեկնող մը կայ, անմիջապէս իրարու լուր կու տայինք: Երբեմն մէկէ աւելի մեկնողներ կ՚ըլլային եւ մենք ամէն մէկուն նամակ մը կը յանձնէինք: Նոյնն էր պարագան, երբ Հայաստանէն եկող մը կ՚ըլլար երկուքս նամակ կը ստանայինք։ 

Կրնայ շատ խնդալիք թուալ, բայց  շաբաթ եղած է, որ նշանածէս չորս նամակ ստացած եմ, քանի որ չորսն ալ փրկուած էին հաւանական գրաւումէն: Ամէն մէկ նամակ, որ հասցէագրուած կ՚ըլլար՝ Սիլվուկիս կամ խենթուկիս, գեր երջանկութիւն էր, գանձ էր...: 

Ժամանակ եկաւ, որ ես նամակներ կը ստանայի, բայց Սեդան ոչ: Սեդան շատ կը յուզուէր, երբ քովէս ձեռնունայն կը վերադառնար տուն: Անոր գեղեցիկ ու ճերմակ դէմքը կաս- կարմիր կ՚ըլլար, իսկ գրաւիչ ու կանաչ աչքերը  կը խամրէին։ Նամակ չստանալու հանելուկը անլուծելի մնաց մինչեւ որ կաղանդի արձակուրդին Գէորգը  յայտնուեցաւ մեր տան շեմին: 

-Բարի եկած ես Գէորգ, չես պատկերացներ որքան մտահոգուեցանք, երբ նամակներդ դադրեցան: Լա՞ւ ես, հանգի՞ստ ես: 

-Սիլվա՛, ես կ՚ուզեմ աղջիկ մը գտնել, որ ինծի back (կռնակ) ըլլայ։ 

-Գէո՛րգ, իսկ դուն Սեդան անբաւարա՞ր կը գտնես, ան քեզի շատ կը սիրէ. ես վստահ եմ, որ կեանքիդ բոլոր հանգրուաններուն մէջ ան քեզի կռնակ պիտի ըլլայ:

-Սիլվա՛, ըսել ուզածս չհասկցար. ես կ՚ուզեմ հարուստի աղջիկ մը, որ ինծի նիւթականով կռնակ ըլլայ:  

Այս անսպասելի պատասխանով ապշած ու քարացած էի։ Այդ օրը աչքիս առջեւ Գէորգը «փշրուեցաւ»: Ան երկու տարի Սեդային ոգեւորելէ, անոր սիրտն ու հոգին գրաւելէ ետք կ՚անդրադառնար, որ ինք հարուստ աղջկան մը կարիքը ունի եւ ոչ թէ զինք խենթի պէս սիրողի մը։ Երանի՜, թէ ան ուրիշ պատճառ մը յօրինէր, սուտ մը գլորէր...: Ես ինչպէ՞ս այս գոյժը պիտի փոխանցէի Սեդային:  

Լուրը լախտի հարուածի նման ցնցեց քնքուշ Սեդային էութիւնը: Բնաւ չեմ մոռնար անոր այլայլած դէմքը եւ արցունքոտ աչքերը: Ան ոչ մէկ բառ արտասանեց. բառերը պապանձեցան անոր շուրթերուն  վրայ: Քանի մը վայրկեան  աթոռին վրայ գամուած մնալէ ետք, ան ինքզինք դժուարութեամբ վերցուց եւ առանց աջ ու ձախ նայելու մեր տունէն հեռացաւ: 

Տարբեր առիթներով, երբ պատահմամբ կը հանդիպէի Սեդային մեր խօսքերը այլ բաներ կը պատմէին, բայց մեր աչքերը կը մատնէին  այդ ծանր ու սեւ օրուան մանրամասնութիւնները: 

Չեմ գիտեր, եթէ Գէորգը իրեն «կռնակ եղող» աղջիկ մը գտաւ, թէ ոչ, բայց գիտեմ, որ Սեդան ժամանակ մը տառապելէ ետք շատ արժէքաւոր երիտասարդի մը հետ իր ամուսնական ուխտը կնքեց: Երիտասարդ մը, որ տեսաւ եւ գնահատեց Սեդային բարեմասնութիւնները՝ Աստուածատուր գեղեցկութիւնն ու հոգիին ազնուութիւնը: 

Յ.Գ. Դէպքը իր ճշգրտութեամբ պատմած եմ, սակայն Սեդան եւ Գէորգը կեղծ անուններ են: 

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...