image

Երուսաղէմի մէջ. Իսրայէլացի ծայրայեղականներ յարձակած են հայապատկան ճաշարանի մը վրայ(Տեսանիւթ)

  Երուսաղէմի մէջ. Իսրայէլացի ծայրայեղականներ յարձակած են հայապատկան ճաշարանի մը վրայ(Տեսանիւթ)

Հերթական հայատեաց դրսեւորումը գրանցուած է Երուսաղէմի «Հայկական թաղամաս» շրջանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։

Կը նշուի, որ խումբ մը իսրայէլացի ծայրայեղականներ գրոհած են հայապատկան ճաշարանի մը ուղղութեամբ եւ կռիւի բռնուած ճաշարանատէրներուն ու հոն գտնուող մեր հայրենակիցներուն հետ։ 

Հայորդիները կարողացած են դիմադրել եւ ետ մղել գործուած յարձակումը։

Կան նիւթական ահռելի վնասներ եւ ծայրայեղականները նոյնիսկ աթոռներ նետած են ճաշարանին ուղղութեամբ։

 Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ այս քանիերրորդ դէպքն է որ կը գրանցուի Երուսաղէմի մէջ, որուն թիրախ կը դառնան հայապատկան շրջանները, Երուսաղէմի Հայոց Վանքի տարածքը եւ առհասարակ «Հայկական թաղամաս»ին մէջ եղող կառոյցները։

 Ոստիկանութեան միջամտութեան կամ հետաքննութեան մասին ցարդ ոչ մէկ տուեալ կը փոխանցուի։