image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի Ամեն. Տ Նուրհան Պատրիարքի ցաւակցութիւնը

 Երուսաղէմի Ամեն. Տ Նուրհան Պատրիարքի  ցաւակցութիւնը

 

Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան «Սուրմալու»ի պաատահարին առթիւ ցաւակցական ուղերձով հանդէս եկած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ

 

Յանուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ Սուրբ Երկրի Հայ համայնքի, մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած մեր հայրենակիցներու հարազատներուն եւ կը հայցենք անոնց համար Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ կ’աղօթենք, վիրաւորեալներու շուտափոյթ առողջութեան եւ ամբողջական ապաքինումին համար:

Այսպիսի աղէտներու հետեւանքները յաղթահարելու համար պէտք է ազգային միասնականութիւն ցուցաբերել եւ կեդրոնացնել մեր ամբողջ ներոյժը՝ խուսափելու ապագայի այսօրինակ պատահարներէ:

Շաբաթ, 20 Օգոստոս, 2022-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի մասնաւոր Հոգեհանգստեան կարգ՝ զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգիստին համար: 

Թող Երկնաւոր Հայրը Իր երկնքի արքայութեան արժանացնէ անոնց հոգիները, ամէն: 

Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան