image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանն ու Ալիեւը ժամանած են Ղրղզստան՝ մասնակցելու Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին

Էրտողանն ու Ալիեւը ժամանած են Ղրղզստան՝ մասնակցելու Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պաշտօնական այցով ժամանած է Ղրղզստան՝ մասնակցելու Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու 11-րդ գագաթնաժողովին։

Ղրղզստան ժամանած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը թրքախօս պետութիւնները միաւորող միջազգային կազմակերպութիւն է։ Այն ստեղծուած է 2009 թուականի հոկտեմբեր 3-ին Նախիջեւանի մէջ։ Ատոր կ՚անդամակցին Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ղրղզստանը, Ղազախստանը: